2010-09-21 13:53:27

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարտինալ Պերթոնէ Կը Մասնակցի Հռոմ Մայրաքաղաքի 140-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւններուն։


Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին, մասնակցեցաւ Հռոմ մայրաքաղաքի 140-րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն։ Հռոմ քաղաքը ոչ միայն քաղաքամայրն է Իտալիոյ այլ եւ Աթոռն է Ս. Պետրոսի յաջռրդին եւ կեդրոնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Կարտինալ Պերթոնէ դիտել տուաւ որ ՜՜ փոխադարձ յարգանքով ու համագործակցութեամբ քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւնները կը գործեն համայն ընկերութեան բարիքին ի շահ՝՝։ Կարտինալ Պերթոնէ աղօթք մը բարձրացուց Ամենակալին որպէսզի իր հայրական նախախնամութեամբ պահպանէ ու հովուէ մայրաքաղաքի բնակիչները ու Ս. ՊԵտրոսի յաջորդը, որպէսզի կարենայ ամենայն ազատութեամբ կատարէ իր ընդհանրական առաքելութիւնը։ Նոյնպէս Տէրը օրհնէ այս ազգը օգնէ եւ լուսաւորէ անոր կառավարիչները, որպէսզի անխոնջ գործեն հասարակաց բարիքին համար։ Յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ բոլոր այն զոհերուն որոնք իրենց կեանքը տուին հայրենիքին ու մարդկութեան համար, ըսաւ Կարտինալը իր խօսքին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.